«Արփի» Թատերախումբը՝ 1947-ին, բիւնիկի մը նման, Պոլսոյ թատրոնին կենդանի նոր ուժը կը դառնայ եւ կը սկսի թատերախաղեր բեմադրել։ Խումբին դերասաններէն եւ թատերագիրներէն Սօնա Տէր Մարգարեան 1948 թուականին գրի առած է «Քարէ Պուպրիկ» թատերախաղը եւ նոյն տարին «Արփի» թատերախումբին կողմէ ներկայացուած է։ Ներկայիս, շնորհիւ իր քեռորդիին՝ Անի Կարմիրեանի ջանքերուն (ինքը էջ էջ հաւագած ու մեկտեղած է), «Քարէ Պուպրիկ» թատերգութիւնը Արաս Հրատարագչատան կողմէ 2025-ին տպուած է։ Գիրքը մեզի կը դիմաւորէ Սարին Ագպաշի կողմէ գրուած նախաբանով մը։ Նախանբանը իր մէջ կը պարունակէ թատերգրութեան գրի առնուած շրջանին մասին տեղեկութիւններ եւ թատերախաղին տիպարներուն մասին յստակ նախագիտելիքներ ու վերջաւորութեան մտերիմ կանջով մը ընթերցողը կ՚ուղղէ դէպի վայելում։
Սօնա Տէր Մարգարեանի «Քարէ Պուպրիկ» թատերգրութիւնը թանկարժէք փաստաթուղթ մըն է, 20րդ դարու կիսուն՝ իբր թէ պոլսահայութեան ցոլացումը, թէ՛ անհատական հոգեվիճակներու եւ թէ՛ լեզուական իւրայատկութիւններու նրբութիւններով լեցուն:
Կեանքը այն անտեսանելի ժամակային երիզն է, որ իր մէջ կը ներգրաւէ բոլոր զգացումները եւ բոլոր յիշատակները: Ապրումներն են, որ կը ձեւաւորեն կեանքը եւ զգացումներն են, որ կ՚արտայայտեն վիճակները: Պահերը արագ կ՚ացնին, իսկ ազդեցութիւնները կը մնան կայուն: Ամէն անհատ ունի իր ժամանակային երիզը, զոր կրնայ ժառանգուած անցեալի ստուերով եւ փայփայած ապագայի լոյսերով լայնցել: Երբ մարդիկ յարաբերութեան մէջ կը մտնեն, ժամանակերիզները կը զուգադիպին, կը զարնուին եւ ձեւով մը կը միանան իրարու: Թատրոնը, իբրեւ մարդկային հաւաքական յիշողութեան ու հոգեբանական խորքի հայելի, կը դառնայ այս բոլորին ձայնը, շունչը եւ ցոլացումը:

Երբ թատրոն մը կը վերապրինք, միաժամանակ մեր գոյութեան մասին կը մտածենք: Մարմնաւորուած կերպարները կը դառնան մեր ներաշխարհը ցոլացնող մէկ մէկ հայելիներ: Սօնա Տէր Մարգարեանի կողմէ գրի առնուած թատերախաղին Անահիտ անունով տիպարը (որուն դերը ի՛նքը ստանձնած էր), յստակ ձեւով կնոջական արժանապատուութեան մարմնաւորումն է: Զիս տպաւորեց ան, իր ցուցաբերած կամքով, իր որոշումներով, իր կատարած ճամբորդութիւններով:
Եթէ կեանքը ճամբորդութիւն մըն է, ուրեմն անհատը պէտք է երբեմն ճամբայ ելլէ, առանց մոռնալու թէ ունի արմատներ։ Արմատ ունենալը չի նշանակեր ծառ մը ըլլալ, այլ՝ յիշեցում մըն է պատկանելիութեան, ինքնութիւն պահելու հրամայականին։ Թատերախաղին մէջ կան այր տիպարներ, որոնք իրե՛նք ալ կը մարմնաւորեն հասարակութեան կողմէ պարտադրուած ըմբռնումները եւ անհատական մտածելակերպերը: Ինչպէս միջին արեւելքի պատմութեան մէջ ընդհանրապէս, այս թատերախաղին մէջ ալ այր տիպարները մասնաւոր ուժ կը գործեն թէ՛ միացնելու, թէ՛ խզելու անձերուն ժամանակային եզրերը։ Ո՛չ մէկուն համար ըսել կարելի է թէ ինքն է մեղաւորը իր ձախողած կեանքին, բայց ընկերաբանական իրականութիւնը յարգելով հանդերձ՝ անձը ինքն իր պատասխանատուն է ի վերջոյ: Պէտք է ընդհունիլ բոլոր զգացումներու գոյութիւնը, յարգել բոլոր ժամանակային եզրերը եւ զանոնք սիրով հիւսել իրարու։
