Bir Ulusun Yıkıntalar Üzerinde İnşası: ‘Park’ video gösterimi ve söyleşi
Իսթանպուլի սեղանը – Ֆիլմի ցուցադրութիւն եւ զրոյց

Դարերէ ի վեր զանազան քաղաքակրթութիւններու տուն եղած Իսթանպուլի բազմաշերտ մշակութային տարածքը կը պտտինք խոհանոցներու ընդմէջէն… «Իսթանպուլի սեղանը» վաւերագրական ֆիլմը, հայ, յոյն, հրեայ եւ այլ համայնքներու խոհանոցային աւանդութիւններէն մեկնելով՝ քաղաքին անտեսանելի պատմութիւնները կը փոխանցէ հանդիսատեսին։ Մայրենի լեզուներով փոխանցուած պատմութիւններու միջոցով թէ կը հանդիպինք ճաշասեղանի մը շուրջ, եւ թէ վկան կ՚ըլլանք Իսթանպուլի այլ պատմութեան մը։ 🌿 Ցուցադրութենէն […]
Հապա Եթէ աշխատանոց

Միասին մարմնային եւ յանկարծաբանական խաղերէ մեկնելով, ստեղծարար ընթացք մը պիտի վայելենք։ Երեխաները պիտի որոշեն թէ ուր պիտի երթայ այս աշխատանոցը։ Կարելի է գծենք, կամ շարանկար պատրաստենք, խօսինք, գաղափար յղանանք, փորձենք, վերլուծենք… Անոնք կ՚ըսեն, մենք կ՚ուղեկցինք։ Ուր որ երթանք, մեզի կը հետեւին մեր խաղերը։
Կը հարցնեմ ձեզ… Քաղուածքներ

Երգիրք համախմբումը, որ երաժշտութեան եւ գրականութեան ստեղծարար աշխատանքներ կը կատարէ, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի (1905, Տրապիզոն – 1995, Լոս Անճելըս) «Հարց կու տամ ձեզի, տիկիններ եւ պարոններ» ինքնակենսագրական վէպը՝ թրքերէն եւ արեւմտահայերէն թարգմանութիւններով, ձայնագիրքի ձեւաչափով արձանագրած եւ անցեալ Նոյեմբերին թուային հարթակներու վրայ հրապարակած էր։ Երաժշտական վէպի մը ձեւաչափ ունեցող ձայնագիրքին մէջ, վէպէն մեկնած երաժշտութիւններն ալ տեղ […]
Արեւմտահայերէնի շրջապտոյտ

Արեւմտահայերէնի պատմութիւնը կը փնտռենք Ղալաթիոյ եւ Փերայի փողոցներուն մէջ։
Ձայնաշխարհ

Միաձայն երգեցողութեան աշխատանոց. ձայնեղանակներու աշխարհին յատուկ մօտեցումի մը փորձ Վերժին եւ Արամ Քերովբեաններուն հետ։
Մշակութային փոխանցումը Սփիւռքի մէջ

Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ արեւմտահայերէնի մշակութային փոխանցումը ինչպէ՞ս կ՚իրականանայ։ Կը խօսինք Լիոնէն Մելինէ Բարսեղեանին եւ Աթէնքէն Քուին Մինասիեանին հետ։
Գրադարաններու հանդիպում

Հայերէն հաւաքածոներ ունեցող գրադարաններ եւ արխիւներ քով քովի կու գանք քիչ մը ծանօթանալու եւ համագործակցութեան եզրերը քննարկելու։
Բանաւոր պատմութեան աշխատանոց երիտասարդներուն հետ

Բանաւոր Արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող բանաւոր պատմութեան նախաձեռնութիւն մըն է։ Աւանդական ուտեստներու բաղադրատոմսերու, խոհանոցային պատմութիւններու եւ սովորութիւններու միջոցով հաւաքական յիշողութիւնը կը հաւաքենք բանաւոր պատմութեան աշխատանքներու միջոցաւ։ Այս աշխատանոցի ընթացքին պիտի ծանօթանանք թէ ինչպէս կրնանք մեր շուրջի պատմութիւնները հաւաքել եւ արձանագրել։
Աննման տղոց աննման քարով աշխատանոց

Մանկապատանեկան դասագիրքերով ծանօթ Գարին Քօչը առաջին եւ երկրորդ դասարաններուն հետ իր Աննման քարը գիրքին վրայ պիտի կատարէ աշխատանոց մը Եսայեան միութեան մէջ։