Միասին մարմնային եւ յանկարծաբանական խաղերէ մեկնելով, ստեղծարար ընթացք մը պիտի վայելենք։ Երեխաները պիտի որոշեն թէ ուր պիտի երթայ այս աշխատանոցը։ Կարելի է գծենք, կամ շարանկար պատրաստենք, խօսինք, գաղափար յղանանք, փորձենք, վերլուծենք… Անոնք կ՚ըսեն, մենք կ՚ուղեկցինք։ Ուր որ երթանք, մեզի կը հետեւին մեր խաղերը։