Hayeren, hayeren, hayeren… Tağeyink? Gam hedernis dun mi daneyink?

2/10/2025

Շշշշթ… տուր կիթմէ… սաքըն հայերէնի կէօրտիւն տիյէիչին պունալմասըն… սէն վէ պէն պիշէյ եափմազսաք պաք նէլէր եափաճաքլար եա տա եափըյորլար, իշթէ թամ տա օնու անլաթճամ։ Տէրիիին պի նէֆէս ալ վէ պի լոքմա սապրէթ օքու… հազըրսան պաշլըյորում աղզըմը աչմայա…

Մարմարա օրաթերթին ներկայիս խմբագրապէտը՝ Պարոն Արի Հատտէճեանը վերջերս համայնքիս ուղղեալ կը գրէր գանգատական ոճով մը, հայերէնի սխալ գործածութեան իր մտահոգութեան վրայ։ Իր նեղութեան պատճառն էր այն անձիք ու հաստատութիւնները որոնք կը գործածէին սխալ ու պակասաւոր հայերէն զոր կը տարապէր քերականական ու ուղղագրական սխալներէ։ Ու որպէս թելադրանք ու թերեւս խորքին թաքնուած յանդիմանանքով մը կը յայտնէր իր քննադատական խրատականը այդ սխալը գործողներուն դէմ։ Ըստ իր կարծիքով, անոնք սխալ իրենց հայերէնով կը պտտէին դիմատետր ու այլ ընկերային հարթակներուն մէջ։ Իր թելադրանքը կամ յանդիմանանքը (ինչպէս եւ որ տեսանկիւնէն ալ նայիք) կը բաղկանար քանի մը հրամայական առաջարկներէ.

Անշուշտ աս պատահարը ոչ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ։ Ներկայէս քանի մը տասնեակներ ետ նայելով Պոլսահայութեան ընդմէջէն յիշենք նոյն ակնարկով չախող այդ տեսանկիւնէն շարք մը. պիտի յիշենք մեր հայ վարժարաններու ուսուցիչ ու տնօրէնները որոնք բանտի պահապաններուն շատ նմանող իրենց հայութիւն եւ մայրենին ուսուցանելու իւրայատուկ ոճով 1980-90ական թուականներուն ճզմած են անխտիր բոլորս… Յիշենք նաեւ որ աս մեր կրթական մշակները մեծ մասամբ եօթանասունական-ութսունական թուականներուն քաղաքական վերիվայրումներուն հանդիպած իրենց բարձր ուսման վկայականները ստացած էին քանի մը ամիսներու մէջ սեղմուած ուսուցումէ մը վերջ։ Հոս պէտք է ըսել անշուշտ թէ հայերէն դաստիարակութեան մասնագիտութիւնը ասկէ զերծկը մնար ու իրենց ուսուցչութեան մէջ գործածելիք մասնագիտական հայերէնի պակասը կ՚ամբողջացնէին մանաւանդ Ուսուցչաց Հիմնարկին մէջ կազմակերպուած դասընթացքներով։ Հոս աւելի խրթին այլ նիւթեր ալ կան թերեւս ծեծելու արժանի, բայց առանց հոս կանգ առնելու շարունակենք… Ուրեմն այս խումբը համայնքին ընդմէջէն, ուղղակիօրէն ուսուցչութեան վաստակին մէջ մխրճուելով կազմելու սկսան իրենց յատուկ դասակարգը։ Նպատակս ի մասնաւորի կիներէ բաղկացած ուսուցչական ասպարէզը արհամարհել կամ նուաստացնել չէ անշուշտ։ Ընդհակառակը, նպատակս մատնանշել է որոշ խմբակներուն կազմաւորումը որոնք մեր երեւակայածէն ալ աւելի ուղղութիւն տուին ու տնօրինեցին ընդհանուր հայեացքը դէպի ինքնութեան եւ մայրենիի հասկացողութեան մասին։ Ուրեմն, հոն այդ ուսուցիչներու դասակարգին վերեւը հաստատուած էր աւելի (ըսել չեմ ուզեր մտաւորական որովհետեւ կապ չունէին) հեղինակաւոր խմբակ մը որ ստանձնեց առանձնաշնորհ վիճակ եւ այդ առանձնաշնորհումը կատարուեցաւ հայերէնի տիրապետելու իրաւունքը որդեգրելով։ Այլեւս հայերէնը այդ խմբակին հսկողութեան տակն էր եւ ոչ թէ ուրիշ որեւէ հայու մը… Այլեւս դուրսն էին գաւառացի բարբառով հայերէն խօսող եաեաները, ինչպէս իմս, եկեղեցի յաճախող տարեցները, անատոլուի զանազան տեղերէն Պոլիս գաղթող գաւառացի ընտանիքները, ինչպէս նաեւ «ուտեցի» ըսելու պէս մեծ ոճիր մը գործող դեռատիները ու իրենց ջանասէր բայց նոյնքան «սխալ» ծնողները, եւայլն։

Էհ, պիտի ըսէք հոս ի՞նչ խնդիր կամ գէշութիւն կայ՝ մտածելով որ խումբ մը մարդիկ պաշտպան դարձէր են իրենց մայրենիին։ Ճիշդ… անոնք պաշտպան դարձան, ինչպէս խմբակ մը գրիչ բռնողներ որոնք իրենք զիրենք անուանեցին նաեւ գրող ու գրականագէտ ու մտաւորական… բայց մոռցան թէ՛ ուսուցչութիւն եւ թէ՛ մայրենիի գիտակցութեան առաքելութիւնը կը նշանակէր ըլլալ կրթական մշակ… Մշակ ու մշակոյթ (ինչպէս Պարոն Հատտէճեանին հանգուցեալ հայրը պիտի նախընտրէր սիւնակներով լի գրելու համար այս բառին արմատներուն մասին) բառը ինչպէս բոլոր եւրոպական լեզուներուն մէջ առընչուած է հողին վրայ տարուած հոգով։

Ուրեմն այդ ուսուցիչներու դասակարգը որ դպրոցներուն, հիմնարկներն ու հաստատութիւններուն մէջ ներկայ գտնուեցան ու արտադրեցին տարեգիրքեր, ամսաթերթեր, հաւաքածոներ, դասագիրք ու մանկական գործեր, միթէ հասցուցի՞ն գալիք սերունդ մը նորեր որոնք իրենցմէ աւելի աշխոյժ պիտի բողբոջէին ու ծաղկէին։ Կամ միթէ՞ իրապէս եւ իրապէս մտահոգութիւնը ունեցան հայերէնը տանիլ ու հասցնել հայուն։ Անշուշտ որ չըրին… Ինչ որ ըրին մէջտեղ ելաւ հրէշի մը պէս որմէ ժողովուրդին բոլոր սերունդ ու մանաւանդ մայրենիի կարօտ ցած խաւերը զարհուրեցան, ետ քաշուեցան բայց իրենց ընտանեկան կրթութեան չհակառակելու համար յարգանքով խոնարհեցան դիմացը ու առանց յետերնին նայելու վազելով հեռացան…

Իսկ մեր աս մշակ կոչուածները արտադրեցին իրենք զիրենք զետեղելով ամպերուն վրայ երեւակայական աշտարակի մը մէջ ու չախեցին այն ամէնը որոնք յանդուգն գտնուեցան պարզապէս խօսելու… Նոյնիսկ չախեցին եւ կը շարունակեն իրենց չախչախիչ ակնարկով նայիլ անոնց որոնք կը հրատարակեն, կը գրեն ու անշուշտ կը հաղորդակցին հայերէնով… Պոլսոյ իրականութեան ու պայմաններուն մէջ… Մշակ կոչուածները նաեւ շնորահանդէսներ ըրին այնպիսի հայերէնով ու ինչքան մաքուր հայերէնով որ համայնքին մնացեալը չկրցաւ մօտենալ (կամ քաջութիւնը ունենալ մօտենալու) մաքրութեան սաստկութենէն ու նորէն խրտչեցան… Փոխանակ անդրադառնալու պատկերին ամբողջութեան, անոնք ընդհանուր առմամբ գանգատեցան համայնքին թրքախօսութենէն, ինքնութեան հարցին ու մշակոյթին հանդէպ ցուցադրուած անտարբերութենէն ու տգէտ, թմրած մթնոլորտէն… Անոնք նախընտրեցին անհասկնալի հայերէնով արտասանել ազգայնականութիւն նեխող բանաստեղծութիւններ ու սոսկալի նեղացուցիչ ծրագիրները վերջացուցին լուալով իրար զիրար մեծարանքի խօսքերով… Բեմերուն վրայ… Ժամերով…

Աս բոլորը որ մեծ մասամբ կատարեալ անցեալով է որ կը գրեմ մօտ անցեալի պատկանող պատմութեան մէջէն չէ։ Դժբախտաբար դեռ այսօր կը տեւէ այս բոլոր իրողութիւնը… Ինչպէս գրութեան սկիզբն ալ այս տողերը շարադրելու կարիքովս պարզեցի… Եւ թէ հայատառ թրքերէնով որ մեր երիտասարդները փոխանակ վախնալու, քիչ մը մօտենան…

Ուրեմն հողակոյտ մը խորհեցէք որուն վրայ խոտ մը բուսնած ու զինքը ծառ մը կարծած է տարիներու ընթացքին… Ո՞վ գիտէ, կարծես միայն իրենց պատկանող Եսայեանը, Զոհրապը, Վարուժանը ինչե՞ր պիտի խորհէին իրենց աս պատանեկան ձեւերուն մասին։ Անշուշտ կասկածի պահ մը նոյնիսկ չունեցան…

Պիտի շարունակենք…