Մարտի սկիզբն է տակաւին, արեւը լման իր տեղն է։ Այս եղանակին, այս օդին, սիրած գինետունը երթալն ու երկու գաւաթ զարնելը սովորութիւն է Յովսէփին համար։ Իր մօտ աշկերտութիւն ընող եղբորորդիին՝ Արամին յանձնեց խանութը, միայն քանի մը ժամուան համար։ Դռնէն ելած ատեն լաւ մը պատուիրեց անոր.