կոյս

կողմ
taraf, yan

կոյտ

իրարու վրայ դիզուած, դէզ, շեղջ
yığın

կոյր

այն՝ որուն աչքերը չեն տեսներ, աչազուրկ
kör

կոյր

միամիտ, անխորհուրդ

կոյրզկուրայն

կոյրի պէս, առանց քննելու
körükörüne

կոն

այն պատկերը՝ որ կը կազմուի ուղղանկիւն եռանկեան մը ուղիղ անկեան կողմերէն մէկը ինք իր վրայ դարձնելով
koni

կոնդակ

հայրապետական պաշտօնական գրութիւն

կոնք

ողնաշարին վարի մասին վրայ՝ իրար միացած լայն ու տափակ երկու ոսկորները

կոնք

լայն աման (ջուրի)
leğen

կոնքեռ

եկեղեցական զգեստ կամ զարդ՝ զոր հայրապետը կը կրէ ծունկին վրայ

կոշկոճել

բիրով չարաչար ծեծել, տանջել

կոշկոռ

կարծրացած ուռեցք, կոշտ
nasır

կոշտ

փափուկին հակառակը, պինդ, կարծր.

կոշտ

նուրբին հակառակը, կոպիտ, բիրտ, անտաշ
kaba

կոշտութիւն

կոպտութիւն, անկրթութիւն
kabalık

կոչ

կանչելու ձայն կամ խօսք, հրաւէր
çağrı, davet

կոչական

կանչելու վերաբերեալ

կոչական

հոլովումի այն ձեւը՝ որով մեր խօսքը կ՚ուղղենք մէկուն (կոչական հոլով կը կազմուի բառին սկիզբը դրուած “ո´վ” մասնիկով կամ շեշտով)

կոչել

կանչել, հրաւիրել
çağırmak

կոչել

անուանել
demek, ad vermek