կասեցնել

ետ կեցնել, ընդմիջել, դադրեցնել
durdurmak

կասիլ

կանգ առնել, կենալ, դադրիլ
(geri) durmak

կասկած

անվստահութիւն, տարակոյս
şüphe

կասկարայ

միս՝ ձուկ խորովելու կազմած
ızgara

կասկարմիր

բոլորովին կարմիր (գոյն)
kıpkırmızı

կատակ

զուարճութեան կամ խաղի համար ըսուած խօսք եւ կամ շարժում, հանաք
şaka

կատակախօս

կատակաբան, զուարճախօս
şakacı, esprili

կատակասէր

կատակը սիրող (անձ)
şakadan hoşlanan, şakacı

կատակել

կատակ ընել (խօսքով կամ շարժումով)
şaka etmek, şakalaşmak

կատակերգութիւն

թատերական գրուածք՝ ուր ծիծաղաշարժ կերպով կը նկարագրուին հասարակութեան ծաղրելի կողմերն ու թերութիւնները, զաւեշտ
komedi

կատաղի

վայրագ, մոլեգին, ամեհի
vahşi, azgın

կատաղի

սաստիկ, ուժգին, բուռն
azılı

կատաղիլ

կատղիլ, կատաղութեան բռնուիլ
kudurmak

կատաղիլ

սաստիկ բարկանալ, մոլեգնիլ

կատաղութիւն

ծանր՝ վարակիչ հիւանդութիւն մը
kuduz

կատաղութիւն

սաստիկ բարկութիւն
öfke

կատար

ծայր, գագաթ, վերջ
tepe, doruk

կատար

աքաղաղի բբուկ
ibik

կատարեալ

առանց պակասի կամ որեւէ թերութեան, ամբողջական
mükemmel, tam

կատարեալ

բայերու մէջ՝ կատարուած եւ վերջացած գործողութիւն
belirli geçmiş