ծերունազարդ

ծերութեամբ զարդարուած (որպէս՝ արժէքաւոր)

ծերունի

ծեր (որպէս՝ յարգելի), ալեւոր

ծերպ

ճեղքուած տեղ, ճեղք
aralık, yarık, çatlak

ծեփել

որեւէ նիւթ քսել եւ անով ծածկել
sıvamak

ծեքծեքիլ

կոտրտուիլ, ձեւեր առնել, պչրել, ծռմռիլ
kırıtmak

ծէս

արարողութիւն կատարելու կերպ

ծթռած

հինցած, աւրուած, մգլած (գաղափար)

ծիածան

ծիրանի գօտի
gökkuşağı

ծիածան

աչքին մէջ՝ բիբին շուրջ գտնուող գունաւոր թաղանդը
iris

ծիլ

բոյսին ծլած մասը, ընձիւղ
filiz

ծիծ

մայրերու կաթ արտադրող գործարանը, ստինք
meme

ծիծաղ

դէմքի վրայ արտայայտուած զուարթութիւն կամ խնդուք
tebessüm, gülümseme

ծիծաղելի

ծիծաղաշարժ, վրան խնդալիք, ոչ-լուրջ
komik

ծիծաղիլ

զուարճանալ

ծիծաղիլ

ծաղրել

ծիծաղիլ

ժպտիլ

ծիծեռնակ

գաղթող թռչուն մը
kırlangıç

ծիտ

ճնճղուկ
serçe

ծիր

գիծ կամ շրջագիծ
çizgi, yörünge

ծիր

սահման