Skip to main content

Տունս, հիւրերս եւ Մարտ ամիսը

Միհրան Թոմասեանի հետ յանկարծաբանութեան աշխատանոց

«Հիւրը տասը ղսմաթով կու գայ․ մէկը կ՚ուտէ, ինը կը ձգէ», ըսած էր ծանօթ մը։

Ես, երբ իմ տունս հիւր մը գայ, այն ատեն կը զգամ թէ այս տունը իսկապէս իմս է։

Տանս գեղեցկութիւնը, հարստութիւնը, տաղանդները, պայմանները եւ անոր մէջ ապրած պահերս այդ ժամանակ կը ստանան իրենց իսկական իմաստը։

Երբ տունս հիւրերով լեցուի, ես ինծի աւելի «ես» կը զգամ, որովհետեւ իմ գոյութիւնս ուրիշներու հետ կ՚արմատանայ։

Մարտ ամսուն շատ բախտաւոր էի, որովհետեւ տանս մէջ բնաւ մինակ չզգացի։ Ամբողջ ամիսը հիւրերով ու հանդիպումներով լեցուեցաւ տունս։ Եկողներ, գացողներ, իրար զարնուողներ…

Ի՞նչ պիտի ընէի, եթէ տանս մէջ միս-մինակ նստէի․ ինչի՞ պիտի ծառայէին այս բոլոր ունեցածներս։ Եթէ մինակ նստէի, շատ բան կիսատ պիտի մնար։

Իմ հիւրերս այնքան տաղանդաւոր մարդիկ էին, որ տունս վերածուեցաւ մեծ փառատօնի մը։

Երբ Մարտ ամիսը վերջացաւ, բոլոր հիւրերս արդէն վերադարձան իրենց տուները՝ ձգելով անմոռանալի յիշատակներ, նոր ծանօթութիւններ եւ ինը հազար ղսմաթ։

Երէկ գիշեր դրացիս հեռաձայնեց․«Հոգի՜ս, լա՞ւ ես։ Ինչո՞ւ այս գիշեր չէք երգեր։ Ձեր պարելու ոտնաձայներն ալ չեն լսուիր։ Է՜հ, վարժուած էի տարբեր բարբառներ լսելու, թատրոններու ու ֆիլմերու մէջ ընկղմուելու։ Այսօր ալ համով տօլմաներէն ու թոփիկներէն չբերիր։ Քոնէ՛, ուտ մը, տուտուկ մը նուագէիք, շարունակէիք… Հիւանդ չես, չէ՞»։

Հիմա աւելի առողջ եմ եւ գիտեմ թէ մինակ ալ չեմ։ Տունս կը սպասէ յաջորդ Մարտին, ինչպէս ես։