Skip to main content

Բարբառները կարեւորելու համար 10 պատճառ*

okul sınıfında öğrenciler, duvarda ermenice harfler

1. Բառապաշարի անսպառ աղբիւր


Բարբառները լեզուական պահեստներ են։ Շատ մը հին ու պատկերաւոր բառեր, որոնք դուրս մնացած են գրական լեզուէն, իրենց կեանքը կը շարունակեն բարբառներուն մէջ։

2. Ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն

Բարբառը անհատի ինքնութեան անբաժան մասն է։ Երբ հանրութիւնը կ՚ընդունի բարբառը, նոյնքանով կ՚ընդունի նաեւ այդ բարբառը կրող անձը՝ ստեղծելով աւելի ներառական ու բազմազան միջավայր։ Գաղթերու պատճառով իրար քով եկած զանազան բարբառներու տէր անձեր կը յարգեն զիրար երբ բարբառները ընդունուած են հասարակութեան մը կողմէ։

3. Բանաւոր ժառանգութեան պահպանում


Իւրաքանչիւր բարբառ իր հետ կը բերէ առասպելներ, հեքիաթներ եւ ասացուածքներ։ Բարբառի կենսունակութիւնը թոյլ կու տայ, որ այս բանաւոր գրականութիւնը չկորսուի եւ շարունակէ սնանել մայր մշակոյթը։

4. Մշակութային բազմազանութիւն


Բարբառները գոյն ու երանգ կը բերեն։ Իւրաքանչիւր բարբառ տեղական մշակոյթ մըն է նաեւ։ Անձ մը որ ծանօթ է զանազան բարբառներու, ինքնաբերաբար տեղեակ է զանազան աշխարհագրութիւններու, խոհանոցներու եւ ապրելակերպերու։

5. Լեզուական ազատութիւն եւ կենսունակութիւն


Յատկապէս վտանգուած լեզուներու պարագային, բարբառները կը ստեղծեն անկաշկանդ մթնոլորտ մը։ Անոնք թոյլ կու տան խուսափիլ «սխալ-ճիշդ»ի կաղապարներէն՝ քաջալերելով խօսիլ ու հաղորդակցիլ առանց վախի։

6. Լեզուա-պատմական ուսումնասիրութեան բանալի


Բարբառներու միջոցով կարելի է քննել լեզուին զարգացման ընթացքը։ Անոնք պատմական վկայութիւններ են, որոնք կ՚օգնեն հասկնալու տարբեր համայնքներու անցեալը, գաղթերն ու շփումները այլ մշակոյթներու հետ։

7. Լեզուի բնական զարգացում եւ արդիականացում


Բարբառները կ՚օգնեն լեզուին մնալ շնչող ու արդիական։ Անոնք յաճախ կը հանդիսանան այն կամուրջը, որով օտարաբանութիւնները կը փոխարինուին հարազատ արմատներով, միւս կողմէ նաեւ բնական մուտք են այլ լեզուներէ փոխառնուած անհրաժեշտ բառերու ու դարձուածքներու։

8. Սերունդներու միջեւ կապ


Բարբառը ընտանիքի տարեց անդամներուն հետ հաղորդակցելու ամենէն մտերիմ լեզուն է։ Անիկա կը բանայ սիրտին դռները՝ թոյլ տալով լսել նուրբ ու չպատմուած յուշերը իրենց հարազատ լեզուով։

9. Փորձարկումներու ազատ տարածք

Ի հակառակ գրական լեզուին, բարբառները աւելի ազատ տարածք ունին փոփոխուելու, հետեւաբար անոնց մէջ աւելի դիւրաւ կը զարգանան նորարարութիւնները։

10. Մայր լեզուի հարստութեան երաշխիք


Եթէ կապը պահուած է բարբառներու եւ գրական լեզուին միջեւ, գրական լեզուն միշտ կը հարստանայ։ Առանց բարբառներու լեզուն կը նմանի առանց ճիւղերու ծառի մը։ Բարբառներուն կորուստով կ՚աղքատանայ մայր լեզուն՝ կորսնցնելով իր ճկունութիւնն ու բազմազանութիւնը։

 

*Հանդիպում 2026ի ծիրեն ներս կազմակերպուած «Բարբառները կը հանդիպին» ձեռնարկի առթիւ։