Skip to main content

Հին Եգիպտոսի պատմութիւնը. աստուածներ, քաոս եւ կարգ

եգիպտոս
Görsel açıklaması: Դալար Միտոյեան

Հին Եգիպտոսի մէջ աշխարհը միայն տեսնուածներով չէ, այլ նաեւ պատմութիւններով կը բացատրուէին։ Նեղոսի ջուրերուն իջնալն ու բարձրանալը, անապատի փոթորիկներուն աւազը սփռելը եւ արեւին ամէն առտու դարձեալ ծագիլը առասպելներով կը բացատրուէին։ Եգիպտոսի դիցաբանութիւնն ալ, միւս դիցաբանութիւններուն պէս, աշխարհի ստեղծումը, աստուածներու եւ դիցուհիներու ծնունդը եւ տիեզերքի կարգը պատմող դիցաբանական պատմութիւններէ կը բաղկանայ: Նեղոսի ափերուն վրայ դարէ դար, բերանէ բերան փոխանցուած այս պատմութիւնները հազարաւոր տարիներ ետք ալ կը շարունակեն ապրիլ եւ կը ներկայացնէն քաղաքակրթութեան մը պատմութիւնը։

Ըստ Հին Եգիպտացիներու, տիեզերքը չորս տարբեր առասպելներով կը բացատրուի՝ Հէրմօպոլիս, Հէլիօպոլիս, Մէմֆիս  եւ Թէպէս: Այս գրութեան ընթացքին պիտի կեդրոնանանք Հէլիօպոլիս առասպելին վրայ։

Սկիզբը տիեզերքը անձայն եւ անսահման մութ ջուրի մը մէջ էր։ Այս առաջին խաւարը «Նուն» կը կոչուէր։ Ոչ արեւ կար ոչ ալ հովու ձայն... Առտու մը –տիեզերքին առաջին առտուն– Աթում, նախնական ջուրին մէջէն ծնաւ եւ իրմէ գոյութիւն տուաւ Շուին (Շու՝ օդ) եւ Թէֆնութին (Թէֆնութ՝ խոնաւութիւն): Իրենց միասնութենէն Նութ (երկինք) եւ Կէպ (երկրագունդ) գոյացան եւ այսպէս իրարմէ զանազանուեցան եւ աշխարհը ստեղծուեցաւ: Օր մը Շուն եւ Թէֆնութը մութին մէջ կը կորսուին: Աթումը իր աչքը կը ղրկէ որ գտնէ զանոնք եւ երբ աչքը կը վերադառնայ անոնց հետ, Աթումը երջանկութեան արցունքներ կը թափէ: Այս արցունքները մարդերու կը վերածուին: Նութը եւ Կէպն ալ աշխարհ կը բերեն չորս զաւակ, որոնք կը ներկայացնէն կեանքին ուժերը՝ Օսիրիս, ծննդաբերութեան եւ նորոգման ասուած,
Իսիս, մայրութեան եւ կախարդութեան աստուածուհի,
Սէթ, քաոսի եւ աւերման աստուած,
Նէֆթիս, Սէթին իքական օժանդակը։ Այս ինը աստուածներու խումբը կը կոչուի Էննէատ:

Տիեզերաբանութիւն

Հին Եգիպտոսի մտածողութեան մէջ տիեզերքը ինքնիրեն ձգուած պարապութիւն մը չէր, այլ նուրբ հաւասարակշռութիւն մը, որ պէտք էր միշտ պահպանուէր։ Այս հաւասարակշռութիւնը կը արտայայտուէր Մաաթ եզրով։ Մաաթը կը ներկայացնէր կարգը, արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ տիեզերական ներդաշնակութիւնը, մինչդեռ քաոսը կը նկատուէր այս կարգին սպառնացող ուժը։ Տիեզերքի գոյատեւումը կախում ունէր այս երկու իրարու հակառակ ուժերու անդադար պայքարէն։ Հելիօպոլիսի առասպելին մէջ, Նունի անսահման եւ անձայն ջուրերէն կանոնաւոր աշխարհի ծնունդը քաոսը վերահսկողութեան տակ առնելու խորհրդանիշն է։ Աթումի ստեղծագործութիւնը միայն աստուածներու մեջտեղ ելլելը չէ, այլ  տիեզերական կարգի հաստատումը կը նշանակէ։ Երկինքի եւ երկրի զատումը, խաւարէն լոյսի ծնունդը եւ էակներու իրարմէ տարբերակումը Մաաթի առաջին ներկայութիւններն են։

Այս տիեզերական կարգին դէմ կեցող ուժը կը ներկայացնէ Սէթը։ Սէթը քանդումի, անկարգութեան եւ անկանխատեսելիութեան խորհրդանիշն է։ Սակայն Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ քաոսը բացարձակ չարութիւն ըլլալով չի նկատուիր, ընդհակառակը՝  անոր միջոցավ կարգը կը ստանայ իր իմաստը։ Սէթի գոյութիւնը կը յիշեցնէ, որ Մաաթը պէտք է միշտ պահպանուի։ Աստուածներէն զատ, փարաւոններն ալ կը նկատուէին այս կարգին երկրային պահապանները։ Փարաւոնին հիմնական պարտականութիւնն էր ապահովել Մաաթը, հաստատել արդարութիւնը եւ արգիլել որ քաոսը տիրապետէ աշխարհին։ Այդ պատճառով կարգի եւ քաոսի միջեւ պայքարը ոչ միայն դիցաբանական պատմութիւն մըն էր, այլ նաեւ Հին Եգիպտոսի քաղաքական եւ ժողովուրդը ձեւաւորող հիմնական գաղափարներն էին։ Կարգի շարունակութիւնը կը նկատուէր աստուածներու, մարդոց եւ ղեկավարներու միասնական պատասխանատուութիւնը։