Skip to main content

Ընդարձակ Տարեցոյցները կը ցանկագրենք

Surp pırgiç salnamesi ve içinden bir kadın resmi

Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին «Ընդարձակ Տարեցոյց»ը կարեւոր պոլսահայ տարեգիրք մըն է։ Չորս հարիւր էջ ու աւելի ծաւալով հատորները , իրարու քով կը բերեն բանաստեղծութիւն ու թարգմանութիւն, յուշագրութիւն ու մահագրութիւն, գաւառներու հայութեան վիճակագրութիւնը եւ շատ աւելին։ 1920-ականներէն 1940-ականներու Պոլսոյ մէջ, երբ հայ պարբերական մամուլը սեղմուած ու նօսրացած էր, Տարեցոյցը դարձած է արեւմտահայ գրականութեան գլխաւոր հրապարակներէն մէկը։

1929ի հատորին բովանդակութեան ցանկը առանձին կը վկայէ ասոր մասին։ Նոյն կողքին տակ՝ Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան, Հրանտ Ասատուր, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, Տօքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Բիւզանդ Քէչեանի անտիպ մէկ երկը, Միսաք Մեծարենցէն մնացած անտիպ էջ մը. եւ անոնց քով՝ Ալպէր Սամէն, Վիքթոր Հիւկօ, Փասքոլի ու Մեթերլինք։

Խնդիրը հետեւեալն է. այս հատորները գոյութիւն ունին գրադարաններու մէջ, անգտանելի չեն։ Բայց անոնց պարունակութիւնը անտեսանելի կը մնայ։ Գիրքի մը պահուած ըլլալը եւ անոր պարունակութեան հասանելի ըլլալը նոյն բանը չեն։

Մենք ալ, քանի որ ուրիշ գործ չունէինք, սկսանք ամենէն պարզ, բայց ամենէն անհրաժեշտ գործէն՝ բովանդակութեան էջերը մուտքագրել։ Ամէն տող՝ վերնագիր, էջի թիւ, հեղինակ, եւ ծանօթութիւն՝ թարգմանիչին անունը։ Մինչեւ հիմա ամբողջացուցած ենք եօթը տարի՝ 1927, 1929, 1930, 1931, 1932, 1944 եւ 1947։ Եօթը հարիւրէ աւելի վերնագիր արձանագրած ենք մինչեւ հիմա։

Երբ ցանկը ամբողջանայ, կարելի պիտի ըլլայ՝

  • Պրպտել եւ վերնագիրներով գտնել պարունակութիւնները,
  • հեղինակի մը ցրուած գրութիւնները մէկտեղել եւ անոր մատենագիտութիւնը կազմել,
  • հետեւիլ թէ ո՛ր օտար հեղինակները, ո՛ր տարիներուն, ո՛ր թարգմանիչներով մուտք գործած են հայերէն,
  • վերծանել ծածկանունները,
  • արձանագրել հատորներուն մէջ ցրուած լուսանկարներն ու պատկերները։
  • Եւ, ամբողջութեան մէջ դիտուած, տեսնել գրական դաշտի մը ձեւը՝ ի՛նչ կը գրուէր, ի՛նչ կը թարգմանուէր։

Այս աշխատանքը Եսայեան Միութեան գործունէութեան մէջ իր յատուկ տեղը ունի, ինչպէս որ տարեգիրքերը իրեն յատուկ տեղը ունին Պոլսահայ եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ գրական պատմութեան մէջ։

Միութեան նպատակն է նիւթերը գործածելի դարձնել՝ գրադարան, ցանկագրում, թուայնացում, բառարան, տուեալարաններ։ Ասոնք են այն ենթակառոյցները, որոնց վրայ յետոյ կրնայ կառուցուիլ ուսումնասիրութիւն, դասաւանդում եւ վերահրատարակութիւն։

Յաջորդ քայլերը յստակ են՝ մնացեալ տարիներուն մուտքագրումը, հեղինակներու անուններուն վերծանում եւ դասաւորումը մէկ ընդհանուր ցանկի մէջ, եւ ամբողջին հրապարակումը՝ որոնելի ձեւով, բոլորին բաց։