HAZIRLIK AŞAMASINDA

Իգնայի «Թոտորի»ն

Բանաստեղծութիւն եւ փոտքասթ

Մայիս 11ին կը հաւաքուինք վայելելու Պօղոս Չալկըճըի եւ Եղիա Աքկիւնի կատարումով, Իգնա Սարըասլանէն երկու բանաստեղծութիւն՝ «Մայրամուտին Թոտորի» եւ «Ա՜խ Գատըգիւղ»։

Յունիս 2023-ին Արաս Հրատարակչատունը հրատարակած էր Իգնա Սարըասլանի «Գոյներ հետքեր» հատորը, որ կը պարունակէ «Մայրամուտին Թոտորի» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը։ Վերջերս, Անատօլու Քիւլթիւրի «Փոտրոն» նախաձեռնութիւնը հրատարակեց նոյն բանաստեղծութեան թատերական կատարումը, ռատիօ թատրոնի ձեւաչափով։

Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Անատօլու Քիւլթիւրի անձնակազմը, ներկայացնելու համար «Փոտրոն» նախաձեռնութիւնը։

Մուտքը ազատ է, ձեռնարկին լեզուն՝ Հայերէն։

Katılımcılar

Պօղոս Չալկըճըօղլու

Երկար տասնամեակներ եղած է պոլսահայ թատերական եւ ընդհանրապէս մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն։ Մաս կազմած է կարեւոր շարժումներու, ներդրում բերած է կարեւոր ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ պոլսահայ թատրոնի աւանդութիւններն ու նախընթացները հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Կ՚աշխատի զանազան ծրագիրներու մէջ եւ կը հասցնէ նոր սերունդէ դերասաններ, որոնք եւս, իրենց հերթին, կենսունակութիւն եւ թարմ շունչ կ՚ապահովեն պոլսահայ թատերական կեանքին համար։

Եղիա Ագկիւն

Ծնած է 1989ին, ուսանած է ընկերաբանութիւն, դերասանութեան ուսումը ստացած է Պահչէշէհիր Համալսարանէն։ Մաս կը կազմէ եւ վարչականներէն է պոլսահայ Յանկարծ թատերական խումբին։ Որպէս ձայնաւորող կ՚աշխատակցի զանազան ծրագիրներու եւ դերասան կամ բեմադրիչ է բազմաթիւ ներկայացումներու եւ թատրերգութիւններու։