Յետաձգուած – Յանկարծի հետ Արման Վարդանեան կը կարդանք

Յանկարծ անկախ թատերախումբը, 2018-էն ի վեր արեւմտահայերէնով բեմ կը բարձրացնէ իր հեղինակներն ու պատմութիւնները։ Այսպիսով, Օսմանեան շրջանի թատերական աւանդոյթէն մինչեւ այսօր հասնող հայ թատրոնի ժառանգութիւնը շարունակած կ՚ըլլայ եւ բեմին վրայ զօրացուցած լեզուին հնչեղութիւնը։ Այս ձեռնարկով Արման Վարդանեանի՝ Թուրքիոյ մէջ երբեւէ չբեմադրուած «ԽԱՂ»ի ընթերցումը կը ներկայացնենք հանդիսատեսին։ Այս հանդիպումը պիտի ըլլայ թէ՛ մեր լեզուի բեմական արձագանգը, […]

ՀԵՏԱՁԳՈՒԱԾ – Հայերէն գեղջկական երգեր – Համերգ

Ակնայ, Բալուի, Վասպուրականի, Մշոյ եւ Քեսապի շրջաններէն։ Քերովբեան խումբ Յաւերժացնելով 1980–ին Փարիզ հիմնուած Կոչնակ խումբի ժառանգը, Վիրճինիա, Շուշան եւ Արամ Քերովբեան կը ներկայացնեն հայկական աւանդական երգեր, անոնց սկզբնական, ձայնեղանակային ձեւով։ Խումբին մեկնաբանութիւնը կը բղխի երգերու շարունակաբար վերստեղծման աւանդութենէն, որով յանկարծաբանութեամբ եւ լեզուէն անբաժան զարդարանքներով, իւրաքանչիւր ներկայացում կը դառնայ եզակի։