Զաւէն Պիպեռեանի արխիւը գրականութեան, մամուլի եւ քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ անոր ստեղծագործութիւններուն կողքին, մէջտեղ կը դնէ հեղինակին հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս կարեւոր փաստաթուղթեր։ Արխիւին մէջ կը գտնուին Պիպեռեանի տարբեր թերթերուն մէջ հրատարակուած գրութիւնները, անոնց մասին գրուած մեկնաբանութիւնները եւ քննադատութիւնները, ինչպէս նաեւ «Լկրտածը», «Անկուտի սիրահարները», «Մրջիւններու վերջալոյսը» եւ այլ գործերուն առնչուած լուրեր ու անդրադարձներ։ «Նոր Օր» թերթին վերաբերող վաւերաթուղթերը մաս կը կազմեն այս հաւաքածոյին։ Հաւաքածոյին մէջ նաեւ կը գտնուին հրատարակուած գործերուն ձեռագիրներ, քաղաքական գրութիւններ եւ դատական կամ լրատուական թերթերու կտորներ։ Այս արխիւը անփոխարինելի աղբիւր մըն է, ե՛ւ Պիպեռեանի գրական ժառանգութիւնը, ե՛ւ ժամանակի քաղաքական ու մշակութային մթնոլորտը ուսումնասիրողներու համար։