Պոլսահայ գրականութեան կին գրողներէն Սօնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանին պատկանող այս հաւաքածոն կը պարունակէ հեղինակին տարբեր թերթերու եւ պարբերականներու մէջ՝ յատկապէս Իսթանպուլի «Մարմարա», «Ժամանակ» եւ «Քուլիս»-ի մէջ հրատարակուած յօդուածներն ու պատմուածքները, անոր գործերուն վերաբերեալ գրուած բազմաթիւ լուրեր, յօդուածներ եւ թերթի կտորներ։ 1930-ականներէն մինչեւ անոր մահը՝ 1980-ական թուականները երկարող ժամանակահատուածի մը ընթացքին Իսթանպուլի հայկական մշակոյթին եւ գրականութեան լոյս սփռող այս հաւաքածոն կը ներառէ նաեւ գրողին անտիպ ձեռագիր տետրակները, մեքենագրուած որոշ գործեր եւ նամակներ։