կրօնուսոյց
կրօնք ուսուցանող, կրօնքի ուսուցիչ
կրօնք
Աստուծոյ եւ կամ չաստուածներու մասին հաւատալիքներու եւ ծէսերու ամբողջութիւն.
կրօնք
դաւանանք (մանաւանդ՝ բարիի եւ չարի)
din
կցել
միացնել, կապել
eklemek, iliştirmek
կցել
փակցնել
կցկտուր
ոչ-ամբողջ, հատկտուր
bölük pörçük
կցկտուր
անյարիր, անկապակից
yarım yamalak, kırık dökük
կցուիլ
միանալ, կապուիլ, փակչիլ
կցուրդ
սաղմոսին կցուած տուն մը օրհներգութիւն՝ կամ սաղմոս
կքիլ
դէպի վար ծռիլ (ծանրութեան տակ), ճկիլ, կորանալ
çökmek, eğ(r)ilmek
կօշիկ
կաշիէ ոտնաման
ayakkabı
կօշկակար
կօշիկ շինող (արհեստաւոր)
köşker, ayakkabıcı
կօշկաձիգ
կօշիկը դիւրաւ հագնելու գործիք
çekecek, kerata
Հ
եօթանասուն (ՀԱ =եօթանասունմէկ, ՀԵ = 75, ՀԶ = 76)
Հ.
յատուկ անուններու առջեւ կը նշանակէ “Հայր” (որպէս՝ հոգեւորական)
հագագ
շնչափողի վերի մասը՝ ուր ձայնը կը գոյանայ, հնչափող
gırtlak
հագնիլ
հագուիլ, մարմնին վրայ զգեստ անցընել (հագուստ, կօշիկ եւն.)
giy(in)mek
հագուստ
զգեստ, հանդերձ, ձորձ
elbise, giysi
հադաղակ
խսիրով պատած ջուրի կամ գինիի աման
damacana
հազ
յանկարծական եւ ուժգին՝ հնչեղ արտաշնչում
öksürük