կրկնաւոր

կրկնակ, նոյնը կրկնուած

կրկնաւորուիլ

կրկնապատկուիլ, աւելնալ

կրկնել

երկրորդ անգամ ընել եւ կամ ըսել (խօսք մը)
tekrarlamak

կրկնել

կարգը չփոխել

կրկնութիւն

կրկնում, մէկէ աւելի անգամներ եղած կամ ըսուած (որեւէ բան)
tekrar(lama)

կրկնուիլ

կրկին կատարուիլ, կրկին պատահիլ

կրճատել

ամբողջութեան մը մէկ մասը յապաւել կամ պակսեցնել, կարճեցնել
kısaltmak

կրճատել

ամփոփել, համառօտել, սղել

կրուիլ

տեղէ մը՝ ուրիշ տեղ փոխադրուիլ
taşınmak

կրունկ

կրուկ, ոտքին եւ կամ կօշիկին ետեւի դուրս ցցուած մասը
topuk, ökçe

կրպակ

փոքր վաճառատուն՝ որուն մէջ արհեստաւորը թէ] կ՚աշխատի՝ եւ թէ յաճախորդ կ՚ընդունի, խանութ
dükkân, salaş, kulübe, büfe

կրտսեր

տարիքով փոքր
küçük

կրտսեր

աստիճանով փոքր

կրօնակից

միեւնոյն կրօնքը ունեցող
dindaş

կրօնամոլ

չափազանց կրօնասէր
yobaz

կրօնասէր

կրօնական պարտականութիւնը կատարող, բարեպաշտ, ջերմեռանդ
dindar

կրօնաւոր

կրօնքի նուիրուած (մարդ), կղերական, հոգեւորական, եկեղեցական
din adamı, rahip

կրօնաւորեալ

կրօնաւոր դարձած, աշխարհիկ կեանքէ հրաժարած

կրօնափոխ

կրօնքը փոխած, դաւանափոխ
d.nme

կրօնուհի

կրօնաւորուհի, կին կրօնաւոր