կապտորակ

կապտաւուն, կապոյտի զարնող
mavimsi

կառաբարձ

կառք կրող (նաւ)
araba vapuru, feribot

կառախումբ

կառաշար, իրարու կապուած կառքերու շարք (երկաթուղիի)
(tren) katar(ı)

կառաչ

վայրի թռչունի ձայն

կառաչ

բարձր ճիչ, աղաղակ, պոռչտուք
bağırtı, bağrış

կառապան

կառքը վարող կամ քշող
arabacı

կառավարական

կառավարութեան վերաբերեալ

կառավարել

ուղղութիւն տալ կամ վարել, առաջնորդել, ղեկավարել
yönetmek

կառավարիչ

գործը վարող անձ, հսկող

կառավարութիւն

պետութեան մը ներքին եւ արտաքին գործերը վարող մարմին
hükümet

կառավարուիլ

առաջնորդուիլ, ղեկավարուիլ
yönetilmek

կառատուն

կառանոց, կառքերը պահելու տեղ
garaj

կառափնատ

գլխատելու գործիք
giyotin

կառոյց

կառուցուածք, շէնք
yapı

կառոյց

շինուածք, յօրինուածք, կազմուածք

կառուղի

կառք անցընելու ճամբայ

կառուցանել

շէնք շինել, կանգնել, հիմնել
inşa etmek

կառուցուիզ

շինուիլ, հիմնուիլ

կառչիլ

տեղ մը հաստատ մնալ, կպչիլ
takılmak, yapışmak

կառք

փոխադրական միջոց (երկու կամ չորս անիւով)
araba