կանգ

առնել կենալ, շարժումը դադրեցնել
durmak

կանգնել

բարձրացնել, հաստատել, հիմնել
kaldırmak, dikmek

կանգնիլ

ոտքի ելլել, ոտքի կենալ
kalkmak, dikilmek, durmak

կանգուն

հաստատ, անխախտ
dikili

կանգուն

երկայնութեան չափ մը
arşın

կանեփ

բոյս մը՝ որուն թելերէն կտաւ կը գործեն
kendir

կանթ

ամաններու բռնելիք տեղը, կոթ
kulp

կանթեղ

կանդեղ, ճրագ, ջահ
kandil

կանխակալ

առաջուընէ ընդունուած (առանց քննելու կամ ճանչնալու)

կանխահաս

կանուխ կամ ատենէն առաջ հասած, վաղահաս
turfanda, erken (gelen)

կանխայայտ

առաջուընէ յայտնուած

կանխավճար

առհաշիւ՝ նախապէս տրուած դրամ
kaparo

կանխաւ

առաջ, առաջուընէ, սկիզբէն
önceden

կանխել

առաջքը առնել, շուտ շարժիլ
önlemek

կանխիկ

վճարումը անմիջապէս (ապրանքի մը)
peşin

կանկառ

ուտելի բանջարեղէն մը
enginar

կանճոխ

տեսակ մը գաւազան, ձող

կանոն

ընդունուած կերպ (որեւէ գործողութիւն կատարելու համար)
usul

կանոն

կարգ, օրէնք
kaide, kural

կանոնաւոր

որոշ կանոնի մը համաձայն, ճիշդ
kurallı, düzgün