կաղամբ

լայն տերեւներով բանջարեղէն մը
lahana

Կաղանդ

նոր տարի, Ամանոր
yılbaşı, yeni yıl

կաղանդչէք

կաղանդի նուէր

կաղապար

առարկաներուն ձեւ տուող գործիք
kalıp

կաղին

կաղնի ծառին պտուղը
fındık

կաղկանձել

շուներու լացը, թնծկալ
ulumak

կաղնի

բարձր ծառ մը (յարգի փայտով), խոզ(ա)կաղնի, բալուտ
meşe

կաղնի

թուփ՝ որու պտուղն է սովորական կաղինը, տխլենի, տկողնի, մանիքեղ
fındık ağacı

կաճառ

գիտնականներու ժողով, ակադեմիա

կամ

երկընտրանք արտայայտող շաղկապ մը
veya

կամածին

իր կամքով յառաջ եկած

կամահաճ

իր կամքին հաճելի եկածը ընող

կամակոր

ծուռումուռ, խոտոր

կամակոր

յամառ, պինդգլուխ
inatçı, ayak direyen, direten, dediği dedik

կամայ

կամքով եղած, ուզելով
isteyerek, gönüllü

կամար

աղեղաձեւ առաստաղ
kemer

կամաց

առանց աճապարելու, դանդաղ
yavaş

կամաց

առանց աղմուկի, ցած ձայնով

կամաց

ոչ-ոյժով, մեղմ, թեթեւ

կամացուկ

առանց աղմուկի, մեղմ