կաթուած

ուղեղի երակներուն խցումը (որու հետեւանքով մարմնին որեւէ մէկ մասը կը կորսնցնէ իր զգայութիւնը), իջուածք
felç

կաթսայ

պղինձէ աման (կերակուր եփելու)
tencere

կաթսայ

մեծ աման (ջուր եռացնելու)
kazan

կալ

տափարակ գետին՝ ցորենը յարդէն զատելու տեղ
harman

կալ

ցորենը յարդէն զատելու գործը

կալանաւոր

բռնուած, ձերբակալուած, բանտարկուած
tutuklu

կալուած

կալուածք, հողային անշարժ գոյք, ստացուածք

կալուած

երկիր, տէրութիւն
mülk

կալուածագիր

կալուածաթուղթ, կալուածի սեփականութեան փաստաթուղթ
tapu

կալուածատէր

կալուած ունեցող, տանտէր, հողատէր

կալվանաչափ

ելեքտրական ոյժի գոյութիւնը հաստատելու գործիք
galvanometre

կախ

կախած կամ կախուած վիճակով

կախակայել

ատենի մը համար դադրեցնել կամ արգիլել (պաշտօնէն)
görevden almak, uzaklaştırmak

կախաղան

մահապարտը կախելու գործիք
darağacı

կախարդ

ոգիներու օգնութեամբ մարդկային ոյժէն վեր բաներ ընող խաբեբայ, վհուկ
büyücü

կախարդել

կախարդութեան ենթարկել
büyü yapmak, büyülemek

կախարդել

հրապուրել, դիւթել, հմայել, թովել, առինքնել

կախարդութիւն

կախարդին ըրած գործը
büyü(cülük)

կախեալ ըլլալ

անկախ չըլլալ, կախում ունենալ
bağlı olmak

կախել

մէկ ծայրէն ամրացնել եւ միւս մասը օդին մէջ ձգել
asmak