կազմել

մասերը միացնելով ամբողջութիւն շինել, յօրինել
oluşturmak, hazırlamak, kurmak, ciltlemek

կազմել

սարքել, պատրաստել

կազմել

յառաջ բերել, գոյացնել

կազմուածք

կազմութիւն, շինուածք
yapı

կազմուիլ

շինուիլ, յօրինուիլ

կազմուիլ

բաղկանալ

կաթ

ճերմակ՝ համեղ ու սննդարար հեղուկ
süt

կաթել

կաթիլ-կաթիլ իյնալ (հեղուկի), ծորիլ
damlamak, akmak

կաթիլ

կաթելու ատեն ինկած մասը, շիթ, կայլակ
damla

կաթկթիլ

կաթիլ-կաթիլ հոսիլ
damlamak, (damla damla) akmak

կաթնալանջ

կաթի պէս ճերմակ կուրծքով

կաթնային

կաթէ բաղկացած

կաթնային

կաթի պէս ճերմակ

կաթնապուր

կաթով՝ բրինձով ու շաքարով պատրաստուած ուտելիք
sütlaç

կաթնափրփուր

կաթի պէս (ճերմակ) փրփուր ունեցող

կաթոգին

շատ կարօտով, սիրով
büyük hasretle, çıldırasıya

Կաթոլիկ

հռոմէական եկեղեցիի պատկանող
Katolik

կաթողիկէ

քրիստոնէական եկեղեցիի ընդհանուր մակդիրը

կաթողիկէ

ազգի մը մայր եկեղեցին՝ ուր կը գտնուի հայրապետը

կաթողիկոս

եկեղեցիի մը պետը կամ հայրապետը, ծայրագոյն պատրիարք, եպիսկոպոսապետ