ծանր-ծանր

կամաց-կամաց, դանդաղ

ծանրակշիռ

շատ կարեւոր, լուրջ, կենսական

ծանրանալ

կշիռը աւելնալ, ծանր դառնալ
ağırlaşmak

ծանրանալ

ուշադրութիւն դարձնել
üzerinde durmak, ağırlık vermek

ծանրաչափ

օդին ճնշումը ցոյց տուող գործիք
barometre

ծանօթ

ճանչցուած, յայտնի
tanınmış, bilinen

ծանօթ

ճանչուոր
tanıdık, bildik

ծանօթ

տեղեակ, հմուտ, իրազեկ
bilinen, haberdar

ծանօթութիւն

ճանչուորութիւն (մէկուն հետ)
tanışıklık

ծանօթութիւն

տեղեկութիւն, գիտութիւն
bilgi, açıklama

ծառ

բարձր՝ ճիւղաւոր փայտեղէն բոյս
ağaç

ծառայ

ուրիշին հրամանին ենթակայ (աշխատաւոր), սպասաւոր
uşak

ծառայական

ծառայի կամ սպասաւորի պէս

ծառայել

ծառայի պէս աշխատիլ, սպասարկել
hizmet etmek

ծառայել

գործածուիլ կամ օգտակար ըլլալ
yaramak

ծառայութիւն

սպասարկութիւն

ծառայութիւն

օգտակարութիւն

ծառուղի

երկու կողմը ծառեր տնկուած ճամբայ

ծարաւ

ջուր խմելու պահանջ, պապակ
susuzluk

ծարաւ

սաստիկ փափաք (որեւէ բանի հանդէպ)