ծամածռել
ծռմռել, քանի մը տեղէն ծռել (դէմքը՝ իբրեւ տհաճութիւն)
burun kıvırmak
ծամել
ակռաներով փշրել կամ ճզմել
çiğnemek
ծամծմել
երկար ծամել՝ առանց կարենալ մանրելու
gevelemek
ծամծմել
պարզ չխօսիլ կամ կիսկատար ու դժուար խօսիլ
ծայր
սկսած կամ վերջացած կէտը
uç, baş
ծայրագոյն
վերջին ծայրը հասած, գերագոյն
ծայրածաւալ
ծայրը չերեւցող, շատ ընդարձակ
ծայրայեղ
ծայր աստիճանի, չափազանց, տարապայման, արտակարգ, անսովոր
aşırı
ծայրայեղութիւն
ծայրայեղ վիճակ, չափազանցութիւն
aşırılık
ծայրանուն
ոտանաւորի մէջ՝ տողերուն սկիզբի գիրերով կազմուած անուն (վերէն վար)
akrostiş
ծայրէ ի ծայր
մէկ ծայրէն միւսը, մինչեւ վերջը
ծանծաղ
ծանծաղուտ, ոչ-խոր, խրուտ
sığ
ծանծաղ
չխորացող, մակերեսային, հարեւանցի
ծանուցագիր
տեղեկութիւն տալու գրութիւն
bildirim
ծանուցանել
տեղեկութիւն տալ, իմացնել, հաղորդել, ազդարարել
bildirmek, ilan etmek
ծանուցում
հրապարակաւ իմաց տրուած (որեւէ բան), ազդարարութիւն
ilan
ծանր
շատ կշռող, թեթեւին հակառակը
ծանր
դժուար, ոչ-դիւրին
ağır
ծանրաբեռնել
չափազանց բեռնաւորել
yüklemek
ծանրախոհ
զգուշաւոր, խոհուն, լուրջ
ağırbaşlı