ծաթիլ

լոյս մէջտեղ ելլել

ծալլել

ծալել, որեւէ բանի մէկ մասը միւս մասին վրայ դարձնել, փոթել
katlamak

ծալ-ծալ

շատ ծալքեր ունեցող
kat kat, pli(li)

ծալք

ծալլուած տեղին կամ ձեւին տեսքը, փոթ
kat, kıvrım, büklüm, pli

ծախել

դրամի փոխարէն ձեռքէ հանել (ապրանք մը), վաճառել
satmak

ծախու

ծախուելիք, վաճառելի (որեւէ ապրանք)
satılık

ծախսել

որեւէ նիւթ կամ դրամ սպառել
harcamak

ծախք

ծախս, այն գումարը կամ դրամը՝ որ կը գործածուի որեւէ նպատակով
masraf

ծածան

անոյշ ջուրի ձուկ մը
sazan

ծածան

ծածանելով, տատանելով

ծածանիլ

ալիքի ձեւով շարժիլ, տատանիլ, ծփալ
dalgalanmak

ծածանում

ալիքի ձեւով շարժում, ծփանք, տատանում
dalgalanma

ծածկագրութիւն

գաղտնի նշաններով գրութիւն
şifre

ծածկամիտ

միտքը ծածկող, ոչ-պարզամիտ, սմսեղուկ

ծածկանուն

Բ անուն մը (բուն անունը ծածկելու համար), կեղծանուն, գրչանուն (գրողներու)
takma ad, mahlas

ծածկել

վրան գոցել՝ պահպանելու կամ անտեսանելի դարձնելու համար
örtmek

ծածկոյթ

ծածկոց, այն՝ որ ծածկելու կը ծառայէ
örtü

ծածկուիլ

ծածկոյթի տակ մտնել, պահուիլ
örtülmek, saklanmak, kaplanmak

ծածուկ

ծածկուած, գաղտնի, թաքուն
örtülü

ծակ

փոքրիկ բացուածք կամ փորուածք, ծերպ
delik