Կայսրութիւն, պատմութիւն, արխիւներ - Վարագ Գեթսեմանեան
Imparatorluk, Tarih, Arşivler - Varak Ketsemanyan
Օսմանեան Կայսրութեան պատմագրութիւնը (Osmanlı Çalışmaları / Ottoman Studies) վերջին տասնամեակներուն զգալի զարգացում ապրած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Արեւմուտքի մէջ։ Փոփոխուող ընկերա-մշակութային եւ քաղաքական պայմանները նպաստած են պատմագիտական նոր մօտեցումներու ձեւաւորման, որոնք Օսմանեան աշխարհը վերածած են քննական ուսումնասիրութեան կարեւոր դաշտի մը։ Այս ծիրէն ներս, օսմանահայերու ժառանգութեան լուսաբանումն ու վերջին տարիներու գիտական աշխատանքները նպաստած են հայկական անցեալի բազմազան շերտերու վերարժեւորման՝ թէ՛ Պոլսոյ/Իսթանպուլի եւ թէ՛ գաւառներու պարագային։ Այս ամփոփ անդրադարձով Վարագ Գեթսեմանեան պիտի ներկայացնէ այն նախաձեռնութիւններն ու հետազօտական աշխատանքները, որոնք վերջին տարիներուն իրականացուած են գիտական հաստատութիւններու, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ անհատ հետազօտողներու կողմէ։ Քննելով անցեալէն մեզի հասած եւ վերապրած բազմալեզու արխիւային հաւաքածոները՝ այս զեկոյցը նաեւ կ՛անդրադառնայ այն հիմնական աղբիւրներուն եւ նիւթերուն (Թուրքիոյ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ), որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին թէ՛ Օսմանեան պատմութեան եւ թէ՛ 20-րդ դարասկիզբին անհետացած հայկական միջավայրի ուսումնասիրութեան համար:
Osmanlı tarihi çalışmaları son yıllarda önemli ölçüde gelişmiştir. Bu süreçte Osmanlı Ermenilerine dair araştırmalar, İstanbul ve Anadolu’daki Ermeni geçmişinin yeniden değerlendirilmesine katkı sağlamıştır. Bu sunumda, Varak Ketsemanian son yıllarda yapılan araştırmaları, projeleri ve Osmanlı Ermenilerinin tarihini incelemek için kullanılan önemli arşiv ve kaynakları tanıtacaktır.