Skip to main content

Ուրկէ՞ ուր Կետիկփաշա

Pervitich Sigorta Haritası üzerine Gedikpaşa binaları kolaj
Görsel açıklaması: Փերվիթիչ քարտէս, Կետիկփաշայէն տեսարան մը, Սալթ արխիւ

Ինը հինգ, վեց, եօթը, ութը կ՚անցնի... արդէն երեք վայրկեան ուշացայ: Պիտի չվազեմ բայց շատ արագ պէտք է քալեմ: Սանդուխները առանց տեսնելու, մէկ քանին ցատքելով փողոց իջայ: Կարծեմ պէտք է վազեմ: Միշտ կ՚ուշանամ հինգ վեց վայրկեան: Բայց երբեք եօթը չ'ըլլար: Եօթը ամօթ է, ութը չափը կ՚անցնէ իսկ ինը յայտնի կ՚ընէ թէ քունի մէջ կորսուած եմ դեռ: Բոլոր ասոնք մտքիս մէջ հաշուած ատեն արդէն հասայ փողոցին անկիւնը: Արդեօք բան մը ըսե՞մ ուշանալուս մասին։  

— Օ՜ օ՜ օ՜, բարի եկած ես։

— Վա՜յ, բարի տեսանք Յակոբ։ Լաւ քնացա՞ր:

— Այնքան լաւ չքնացայ որ, յուզումս թէ միտքս թէ աչքերս արթուն պահեց: Վերջապէս քալելու սկսանք։ Հեւ ի հեւ մնացի։ Յայտնի չըրած, աչքիս ծայրովը կը դիտեմ կոր Յակոբը, ինքն ալ աչքերը չորս բացած շուրջը կը դիտէ կոր։ Փորս սկսաւ խօսելու, յուսամ իրենն ալ պատասխան կու տայ։

— Անօթեցա՞ր։

— Ախ, սիրտ չունիմ բան մը ուտելու։

Սկսայ դարձեալ հաշիւ ընելու։ Եթէ ատենին հասնինք, արագ քալենք եւ քահանան օրէնքով սկսի պատարագին, կրնամ երեք ժամէ դադրեցնել այս անճոռնի ձայները։ Յակոբը հասկցաւ թէ բաներ մը կ՚անցնի միտքէս կամ իմացաւ պզտիկ որոտումս բայց այնքան շփոթած էր մեթրօն տեսնելուն, որ անմիջապէս ինծի մոռցաւ։ Իր շփոթումով ես ալ ինծի մոռցայ: Չեմ կրնար ինքզինքս զսպել զինքը դիտելէ: Բիբերը այնքան մեծցաւ որ կարծես աչքերուն գոյնը փոխուեցաւ: Քիթին եւ շրթունքի միացման մասը խոնաւ, կօշիկները գետին քամուած արձանի մը պէս անշարժ, ձեռքը պայուսակ մը բռնած է, որ սխմելէն կոթէն չարչարանքի ձայներ բարձրացաւ... Քիչ մը չափազանցեցի կարծեմ: Պարզապէս վախցած էր մէթրոյի հովէն, ձայնէն եւ արագութենէն: Մէթրոյէն իջանք, վերելակով վեր ելանք, շարժուն սանդուխով բաժնուեցանք Թառթառօսէն: Թառթառօսը, յունական դիցաբանութեան մէջ անդրաշխարհի (Հատէսի) ամենախորունկ, մութ ու մշու... նիւթը ուրկէ՞ հոս եկաւ:

Մօտաւորապէս կէս ժամ անցաւ: Ճամբան գրեթէ բնաւ ձայն չելաւ երկուքէս ալ բայց բաւական խօսեցանք աչքերով իրար հետ: Չէ, սուտ չըսեմ, անձայնութեան մէջ փորի ձայներս վստահ որ իմացուած է: Կրնամ դիմանալ, մնաց երկու ու կէս ժամ: Յուսամ: Թռամվայ պիտի առնենք Վէզնէճիլերէն դէպի Պէյազըթ: Ներս իրար հրմշտկելով զար զօր մտանք: Ես, Յակոբը եւ անծանօթ կին մը այլեւս մտերիմ բարեկամներ էինք: Հասանք Պէյազըթ, Յակոբը ապշած ձայնով անձայնութիւնը կոտրեց:

— Նայէ, ամէն ինչը հասկցայ: Մեզի վեր հանող տուփը, արագ գացող օձի նման մեքենան, ինքնիրեն ելլող սանդուխները... ձեռքդ բռնած գունաւոր բանը որ երբեմն իրեն հետ կը խօսիս եւ պէտք է ըսեմ որ քիչ մը վախցայ քեզմէ: Բայց ամենեւին բան մը չեմ հասկցած: Աս ինչ' բազմութիւն է պէ եղբա՛յր:

Միայն երեսս տարօրինակ ժպիտով մը պատասխան կրցայ տալ եւ անխօս խօսակցութեան շարունակեցինք: Կ՚ուզեմ հարցնել Յակոբին թէ ինչե՞ր փոխուած է կամ կա՞յ բաներ որ նոյնն է: Սուսիք բուսիք: Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ փողոցը հասանք ի վերջոյ: Փողոցի գետինները թափթփած աղբերու հոտով, Յակոբը կանգ առաւ դպրոցի շէնքին առջեւ: Ճիշդ դիմացնիս ծովը բարեւեց մեզի, մանաւանդ Յակոբը: Երկար ատենէ ի վեր հեռու մնացած էին իրարմէ: Ի՞նչ ըսեմ, ծովը խաղաղ, օդը պայծառ, Յակոբը հանդարտ... ասանկ բան մը իշտէ: Դերերը փոխեցինք: Կը զգամ որ հարցումներ ունի բայց համարձակութիւնը չունի հարցն...

— Վա՜յ վա՜յ վերջապէս աճեցա՞ւ այս դպրոցը: Այո, համարձակութիւն ունի եղեր։

— Դուն ինձմէ լաւ գիտես: Այս թաղին ազգայինները իրարու խօսք չեն հասկնար: Ինչպէս որ աշտարակը շինողները իրարու լեզու չհասկնալնուն համար չկրցին աշտարակին շինութիւնն աւարտել, այնպէս ալ ասոնք չյաջողեցան իրենց վարժարանին շինութիւնն աւարտել... Այսինքն իմ ատենս: Շատ ծանր կերպով բարձրացաւ այս շէնքը: Իմ վերարկուս ալ ծանրանալու սկսաւ: Արդեօք ինքը պիտի հասկնա՞յ թէ ոչ ես պարտաւոր պիտի մնամ բացատրելու:

— Հիմայ քանի՞ աշակերտ ունի: Նայէ այն ատեն հոս 300 տուն կար հայու: Եթէ 200 տուն մնացած ըլլայ, 100 հատին տունը երկուական զաւ... Իշտէ, հիմա իշ պաշա տիւշթիւ: Տեսնենք ինչպէս պիտի բացատրես:

— ...բաւական շատ է հա՞: Կիրակի՞ է ըսելով բնաւ ձայն չկայ: Օդը տաք չէ բայց ես ջուրի մէջ մնացի: Փորս այս հարցումները պատասխանելու օժանդակ է բայց անօգուտ: Յակոբը փասփայլուն աչքերով իմ պատասխաններս կը սպասէ: Պէտք է բան մը ըսեմ թէ ոչ մինչեւ աշակերտ մը տեսնէ եւ հարցումները իրեն ուղղէ հոս ասանկ պիտի կենանք: Այսինքն, ինչ որ է...

— Իմ տէտէս ալ այս դպրոցէն շրջանաւարտ է, բայց այլե...

— Օ՜ ինչ լաւ: Ճիշդը պէտք է ըսեմ շատ յոյս չունէի որ այս վարժարանը դռները պիտի բանայ եւ աշակերտ պիտի կրնայ ընդունիլ, բայց դուն կ'ըսես որ աշակ...

Ինչ ըրի, ինչու ըսի այս մէկ գիտելիքը: Խելքս գլխէս բոլորովին գնաց: Հիմա ինչպէս պիտի բացատրեմ: Բերանս, շրթունքէս դէպի լեզուս թեթեւ արիւնի մը համ գալ սկսաւ: Արդեօք վազելու սկսիմ շատ ամօթ կ՚ըլլա՞յ:

— ... ուրախ եմ որ վերջապէս լեզու մը կրցեր են գտն... Շրթունքդ կ՚արիւնի, կրծեցի՞ր ինչ ըրիր: Եկուր ներս անցնինք դուն ալ երեսդ ջուր մը զարկ:

Երեսս անիմաստ հպարտութիւն մը երեւցաւ: Ես իմ փրկիչս եղայ: Հին եւ սեւ դուռը երկար ժամանակէ վերջ առաջին անգամ հրեցի եւ ներս մտանք: Շատ ուշացանք: Թուաբանութեանս համար տկար է կ'ըսեն բայց ընդհանրապէս ժամանակի եւ դրամի հաշիւներս ճիշդ կ'ըլլան: Այս անգամ ալ ճիշդ ծրագրած էի, բոլոր յանցանքը ԿէտիկՓաշայի աւերակինն է: Խոհանոցէն բարձրացող հոտերէն, մնացած երկու ժամը խորհելու սկսայ: Մայրիկները պանիրով պէօրէք պատրաստած են որ հաւանաբար դեռ փուռի մէջ են: Ինչպէս միշտ:

— Արարողութիւնը չէ՞ սկսած:

Միայն թեթեւ հով մը դիմաւորեց մեզի: Յակոբին քրքրիչ հարցումներուն շնորհիւ անդրադարձայ թէ ձայն մայն չկայ եկեղեցւոյ մէջ: Յակոբը չէ բայց ես շատ լաւ գիտեմ ինչ է այս լռութիւնը: Դպիրները, երգչախումբի անդամները եւ քահանան շատ կարեւոր նիւթեր ունին զրուցելու որ ամէն շաբաթ այդ պզտիկ եւ ապականած սենեակին մէջ կը հաւաքուին որպէսզի Կէտիկփաշայի համայնքը զարգացնեն:

— Բարիլոյս վարպետ:

— Բարիլոյս։

Ձայնս ընդհանրապէս այսպէս բարձր չեմ գործածեր բայց հիմա ստիպուած մնացի որ յայտնի ըլլայ մեր գոյութիւնը: Սենեակին դուռը բացուեցաւ մինչայդ ես եկեղեցիին մուտքը կեցած, պատարագի սկիզբը անգիտակցաբար երգելու սկսած էի, որ Յակոբին ձայնը հասաւ ականջս։

— …այո Յակոբ Պարո...

Գլխուս մէջի ձայնը դադրեցաւ այլեւս բոլոր կեդրոնս խօսակցութեան վրայ է: Ընդհանրապէս ականջս կ՚երկարեմ ուրիշներու զրոյցներուն եւ մէջը կը ցատկեմ բայց հոս սիրտ չունիմ թաղեցիներուն հետ խօսելու: Յանկարծ Յակոբին վրայ աշխուժութեան ցանկութիւն մը զգացի բայց շուտով կորսնցուցի այդ զգացումը: Սենեակը պարպուեցաւ բոլորովին: Հազիւ հինգ վեց հոգիով լեցուեցաւ եկեղեցիին բակը եւ Տէրհայրը վերջապէս ծագեցաւ:

— Ամէնքս ալ հոս ենք է հայտէ սկսինք նայինք:

Յակոբը առանց բառ մը ըսելով մէկէնըմէկ գլուխը դարձուց, աչք աչքի մնացինք պահ մը: Նորէն բան մը չկրցայ ըսել միայն կծու ժպիտով մը պատասխանեցի: Ծնծղայի ձայները փակեց փորի տարօրինակ ձայներս: Վերջապէս սկսանք...

— Օրհնեա՜յ Տէր։

Բարեբախտաբար սկիզբէն չէ սկսած պատարագը: Այս մտածումէս քիչ մը ամչցայ քիչ մըն ալ զղչացի: Իրականութեան մէջ բախտ չէ, Կէտիկփաշայի նոր սովորութիւններէն մին է: Քանի որ մէկ ձեռքի մատերը չենք անցնիր ներկաներ, ի՞նչ պէտք կայ սկիզբէն սկսելու եւ մինչեւ վերջ լման արարողութիւնը կատարելու: Յակոբը աչքերը գոցած է: Արդեօք քնացա՞ւ, գիշերը չեր քնացած որովհետեւ: Շունչս բռնած, որ յայտնի չըլլայ աչքերս միշտ կը տնկեմ իր վրայ, իրեն դիտելու սկսայ նորէն: Եթէ ես Յակոբը ըլլայի, անհանգիստ կ'ըլլայի ես ինձմէ բայց կարծեմ ինքը գոհ է, աչքերը իր վրայ է: Պզտիկութենէս ի վեր վարժ եմ այս հոտերուն, ձայներուն նոյնիսկ դէմքերուն եւ միշտ թատերախաղի կը նմանցնեմ այս պահերը:  Վերջաւորութեան հասանք: Նստարանին ձգեցի ինքզինքս որպէսզի մտիկ ընեմ Տէրտէրին կէսը գոց սորված յանգերը լսելու համար:

— Այսօր շատ յոգնած եմ, դադար մը պիտի առնեմ, քարոզ պիտի չխօսիմ:

Ի՞նչ ըսեմ, թաղեցին նշանաւոր է իւր անտարբերութեամբն, զոր ցոյց կու տայ ամէն խնդիրներու մէջ: Հոս եթէ մէկու մը հագուստը կռնակէն քաշես առնես՝ ինչուս պէտք կ'ըսէ եւ թող կու տայ, որ հագուստը առնեն տանին: Յակոբը եւ ես մնացինք եկեղեցւոյ մշուշի մէջ: Խունկի հոտը եւ մթագին օդը շատ կը սիրեմ բայց այսօր վրաս ծանրութիւն մը պատճառեց: Միւսերը վերջացուցին իրենց դերերը, հանեցին հագուստները եւ շուտ մը անցան առօրեայ կեանքերնուն: Կը դժուարանամ կոր կոպերս վեր բռնելու: Ես այս ճիգը թափելու ընթացքին Յակոբը ոտքի կանգնած մոմակալի խաւարին կը դիտէր: Վերջին մէկ ուժով մը ոտքի ելայ: Դուրս քայլ մը նետեցինք եւ բազմութիւն մը բարեւեց մեզ: Մեծապատիւ թաղային խորհուրդի անդամներն ալ ծագեցին:

— Նախաճաշի չէ՞ք հրամմեր: Այսօր սէր ալ ունինք, գացէք շուտ մը սեղանը պնակ մը գտէք...

Յակոբը երկու երեք քայլով դպրոցի ճաշարանի սրահին աչք մը նետեց: Իսկապէս հազիւ երեք չորս հատ անտէր պնակ մնացած էր, ոչ աշակերտ կար ոչ ալ բնակիչ: Միասին ներս մտանք: Պատին առջեւի երկար սեղանը աւելի շքեղ օժտուած էր խորհուրդին եւ հոգեւորականներուն համար քանի որ աւելի յարգելի պէտք է ըլլանք ինչ որ ալ ըլլայ: Պատերուն վրայի սեւ ու ճերմակ նկարները դիտելով կշտացանք, Յակոբը քովս եկաւ.

— Կ՚ուզե՞ս բաներ մը ուտել, սեր ալ կայ եղեր։

— Չէ, սիրտ չունիմ:

Սրահին մուտքը, խոնաւ օդի ընկերութեամբ քանի մը վայրկեան կեցանք: Չեմ գիտեր ինչու, հոս միշտ թմրեցուցիչ հոտ մը կ'ըլլայ: Սանդուխները դանդաղ քայլերով ելանք:

— Մնասբարով վարպետ։

— Պայ պայ։

Թեթեւ հով մը սկսաւ զարիվեր ելած ատեն: Յակոբը այլեւս բացատրութեան մը կարիքը չէր զգար, միայն շուրջը կը դիտէր: Կարելի է Վարդովեանը պիտի հարցնէ: Բաւական քալեցինք բայց բնաւ բան մը չհարցուց: Յուզումով պայուսակս խառնեցի, յանկարծ խօսքի մտայ։

— Գիտե՞ս Հարկաւ անունով ֆանզին մը ունիմ քովս: Ինչ աղուոր կ'ըլլար դուն ալ բան մը գրէիր, կափարիչն ալ ես կծեցի: Աչքերը փայլելու սկսաւ նորէն:

— Ապրիք, շատ կը փափաքիմ գրութիւնով մը ներկայ ըլլալ:

Երեւակայելով որ արդեօք ինչ պիտի գրէ, քալելու շարունակեցինք դէպի տուն... Կէտիկփաշայի դիրքը բարձր է եւ օդն ալ գէշ չէ. միայն թէ մարդուս իր տունէն մինչեւ որ շուկայ երթայ՝ հազար ու մէկ գոյն փոշիներու մէջ կը լողայ. եթէ լողալ չգիտնայ՝ կը խեղդուի: