Skip to main content

Նահատակները

Armenian Newspapers

Պոլսոյ մէջ կազմակերպուելիք 1915ի ցեղասպանութեան սգահանդէսը այս տարի ալ Կուսակալութեան կողմէ արգիլուեցաւ։ 1919ին Պոլոյ մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած էր Ապրիլ 24ի սգահանդէսը։

Մենք կը յիշատակենք ցեղասպանութեան զոհերը մեր արխիւէն հանելով Նոր Կեանք թերթին 1919 Ապրիլ 25ի թիւը եւ վերընդթերցելով այդ օրուան «Նահատակները» վերնագրով խմբագրականը։

 

Չորս ու կէս տարուան միջոցին Հայկական Արդարութեան դատը մէկ միլիոնէ աւելի նահատակ ողչակիզեց ազգային իտէալին համար։ Ո՛չ մէկ երկրի պատմութին օրինակը կուտայ ա՛յսքան անթիւ զոհերու ո եւ է արդար դատի համար միաժամանակ, Վոսբորի վրայ դարանի նստող անբարիշտ կառավարութիւն մը, որ ա՛յն միջոցին Իթթիհատ կը կոչուեր, բարբարոսաբար հնձեց Հայ Մտաւորականութիւնը, Հայ Երիտտասարդութիւնը, Հայ Մանկութիւնը, Հայ, Հայ, Հայ անունը կրող ամէն մարդկային էակի հանդէպ երկնեց ու ամենամեծ մասամբ ալ գործադրեց սպանդի, խողխողումի հրէշային ծրագիր մը, կէտ նպատակի ունենալով ո՛չ միայն Հայը բնաջնջել, այլ անոր բնաջնջումին միջոցաւ բարոյապէս հարուածել, անարգել նաեւ քրիստոնէութիւնը, որուն դէմ անմարելի ատելութեամբ մը միշտ վառուած բռնկած է Թրքական մոլեռանդութիւնը։

Այսօր մէկ միլիոնէ աւելի այս նահատակներուն կրօնական յիշատակի հանդէսը կը կատարուի թէեւ անշուք, այլ սրտայոյզ պարզութեամբ, բոլոր ողչ մնացող Հայերուն միտքն ու կամքը բոլորելով անոնց եւ անոնցմով նուիրագործուած դատին շուրջ։

Յիշատակի այս օրը պիտի տօնուի յաւէտ բովանդակ Հայութեան կողմէ, ցորչափ այս ազգը պահէ իր բարոյական կորովը ու գաղաբարի իր սեւերումը։ Մեր մարտիրոսագրութեան աննծայրածիր յայսմաւուրքին մէջ ահաւոր էջեր պիտի գրաւէ թրքական խժդժութեանց այն անորակելի մղձաւանջը, որ յաւէտ դարանակալ պիտի նստի ամէն հայու ուղեղին վրայ, անէծքի ու վրէժի փոփոխ երկուպքներով։ Թուրքին եաթաղանը անբուժելի վէրքեր բացաւ Հայուն մարմնին վրայ։ Ճակատագրական յամառութեամբ մը պատմութիքւնը հինգ դար շարունակ ենթակայ ըրաւ մեզ բիրտ ուժին, որ մահերու տեսակներուն մէջ բնաւ տարբեհրութիւն չէր դներ, անխտիր զարնելով հարուստը, աղքատը, մեծն ու փոքրը։ Ո՞ր Հայուն սիրտը այս միջոցիս չի կոտտար այդ եաթաղանին վէրքէն։ Ո՞ր Հայուն միտքը այս վայրկեանին սարսափի ցնցում մը չունենար իր նեարդուն մէջ. յիշելով չարակոշկոճ մահը իր ո եւ է մէկ սիրելիին։

Կիլիկեան թագաւորութեան սկիզբներէն առաջ, Բագրատուենաց ամենէն հզօր շրջանին իսկ իսլամական վտանգը ծառացաւ Հայուն հանդէպ։ Եւրոպական քաղաքակրթութիւնը թողուց որ Ասիոյ մէջ իր անդրանիկը եղող Հայութիւնըի տառապի, տասանորդուի այդ վտանգին առջեւ, թողուց որ թաթարական, արաբական հակաքրիստոնէական մտայնութիունը իր բովանդակ թոյնը կտթեցնէ Հայուն քալած ճամբաներուն վրայ, թողուց որ… թողուց որ…։

Բայց այդ զարհուրելի արտօնութեան վրէժը, ի գին հայկական արիւնին, վերջապէս պիտի լուծէր քրիստոնէական պետութեանց պատմութիւնը։ Եւրէոպայի կեդրոնի երկու պետութիւնները Գերմանիա եւ Աւստրիա, լծորդուեցան Թուրքիոյ, եւ այս վերջինը իր բոլոր տրամադրելի ուժերն ու խժդժութիւնները ասպարէզ հանեց քրիստոնէական երկիրներու բոլոր սահմաններուն վրայ, հրատարակելով Ճիհատ, որ իսլամական կրօնքին նուիրական շարժումն էր քրիստոնէութլեան դէմ։

Եւ Թուրքիոյ երկու քրիստոնեայ տարրերը, Հայը եւ Յոյնը, առաջին զոհերը եղան այդ շարժումին, եւ Պատմութիւնը չորս տարուան մէջ անսահման մարտիրոսութեան էջեր գրեց։ Ապագան պիտի ճշդէ այս անլուր իրողութեան բուն պատճառը, նախընթացներն ու հետեւորդները եւրոպական քաղաքականութեան, որ դարերով ներողամիտ եղաւ Թուրքին ու թրքական իրերուն։

Հայը սակայն, իր արդի կոտորակուած վիճակին մէջ իսկ, զսպուած անխռովութեամբ մը յարգանքով կ՚երկրպագէ իր անմահ զոհերուն ոսկրներուն առջեւ, ծունր կրկնելով անոնց մաքուր յիշատակին առջեւ։

Այսուհետեւ իսկապէս կարմիր է Հայուն պատմութիւնը, արիւնի լայն հետքերու վրայ պիտի քալէ ան, այդ պատմութենէն իսկ ստանալով նոր ուժ, նոր աշխոյժ, ինչպէս Հերակլէսի զաւակը Անտէոս, որ քանի՛ զարնուէր հողին, ա՛յնքան կ՚ուժովնար։

Դժուար է գտնել ո եւ է քաղաքական շանթարգել, որ տառապանքի ամպերուն դէմ շփուող Հայուն կայծակը ամփոփէ ո եւ է կէս միջոցի դրութեան առջեւ դնելով զայն։

Աղտղակող անիրաւութեան դէմ նո՛յնքան բարձրագոչ արդարութիւն մը անխուսափելի է։

Ահա այս արդարութեան կը սպասենք յուսալից, այսօր մանաւանդ, երբ արտասուալից ու մտամփոփ կը կանգնինք մեր նահատակներուն յիշատակի խարոյկին առջեւ։

Եր. Տ. Անդրէասեան

Ուրբաթ 25 Ապրիլ 1919 - Կ. Պոլիս Ա. տարի, թիւ 177