Երկար տասնամեակներ եղած է պոլսահայ թատերական եւ ընդհանրապէս մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն։ Մաս կազմած է կարեւոր շարժումներու, ներդրում բերած է կարեւոր ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ պոլսահայ թատրոնի աւանդութիւններն ու նախընթացները հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Կ՚աշխատի զանազան ծրագիրներու մէջ եւ կը հասցնէ նոր սերունդէ դերասաններ, որոնք եւս, իրենց հերթին, կենսունակութիւն եւ թարմ շունչ կ՚ապահովեն պոլսահայ թատերական կեանքին համար։