Թուրքիոյ մէջ ընկերային հաւասարութեան պայքարը փաստագրած Ելտայի հաւաքածոն կը պարունակէ կանանց իրաւունքներու, ֆեմինիզմի, մանկանց իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու պայքարներուն առնչուած թերթի յօդուածներու կտորներ, թղթածրարներ եւ փաստաթուղթեր, որոնց միջոցով կարելի է հետեւիլ այս ընկերային երեւոյթներու ժամանակագրական ընթացքներուն։ Այս հաւաքածոն հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն անհատական պատմութիւնները, այլ նաեւ հաւաքական շարժումներու զարգացումն ու այդ պայքարներուն օրէնսդրութեան, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի վրայ ունեցած ազդեցութիւնները ուսումնասիրելու։ Իր զանազանութեամբ աչքի զարնող այս արխիւը, երբ անցեալի վկայութիւնները կ՝աւանդէ ապագային, լայնածաւալ եւ հարուստ աղբիւր մը կը ներկայացնէ ուսումնասիրողներուն եւ Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար։