Այցելութիւն Սէօլէօզ
Sölöz Gezisi
Մասնաւոր պտոյտ մը դէպի Պուրսայի Սէօլէօզ գիւղը, ուր ծնած է Արեւմտահայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշական եւ որուն մասին բազմաթիւ վէպեր գրած է։ Այցելութեան կը միանայ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան, որուն նախնիներու ծննդավայրն է։
Այցելութիւնը յիշողութեան, պատկանելիութեան եւ տարածութեան շուրջ հաւաքական փորձառութիւն մը կ’առաջարկէ։
Պտոյտէն երկու օր առաջ, պիտի դիտուի բեմադրիչին Սէօլէօզի վրայ կեդրոնացած վաւերագրական ֆիլմը, որով կարելի պիտի ըլլայ գիւղին պատմութեան մօտենալ շարժանկարային հայեացքով։
Այնուհետեւ, Աւետիքեանի ընկերակցութեամբ պիտի քալենք գիւղի փողոցներուն մէջ, ուր անձնական յիշողութիւնն ու տարածութեան հետքերը պիտի միախառնուին։ Պտոյտի ընթացքին նաեւ պիտի կատարուին ընթերցումներ Օշականի՝ Սէօլէօզի մասին գրած էջերէն։
Batı Ermenicesinin önemli temsilcilerinden Hagop Oşagan'ın doğduğu ve üzerine çok sayıda roman yazdığı Bursa’nın Sölöz köyüne özel bir gezi düzenleniyor. Yönetmen Serge Avedikian’ın da atalarının doğduğu bu topraklarda gerçekleşecek buluşma, hafıza, aidiyet ve mekân üzerine kolektif bir deneyim sunuyor.
Gezi programından iki gün önce, yönetmenin Sölöz’e odaklanan belgeseli birlikte izlenerek köyün hikâyesine sinemasal bir bakışla yaklaşılacak. Ardından Avedikian eşliğinde köy sokaklarında yürünecek; kişisel hafıza ile mekânsal izler iç içe geçecek. Gezide ayrıca Oşagan'ın Sölöz'e dair yazılarından okumalar da yapılacak.