Skip to main content

Տառերով Պար Լեռնա Պապիկեանի Հետ
Lerna Babikyan ile Ermeni Alfabesiyle Dans

Ծնողքի եւ Երախայի Աշխատանոց. Պար՝ Հայկական Այբուբենով

«Պար՝ Հայկական Այբուբենով»ը միջգիտակարգային հետազօտութեան դաշտ մըն է, որ կը համադրէ մշակութային ժառանգութիւնը արդի պարի եւ շարժումի հետ: Այս աշխատանոցին ընթացքին, մեր մարմիններով պիտի հետեւինք տառերու հետքերուն՝ անոնց գրաֆիկական գեղագիտութեան հոսունութիւնը թարգմանելով մարմնի լեզուի եւ ստեղծելով ստեղծագործական պարի տարածք մը ծնողներու եւ զաւակներու համար: Անհատական եւ խմբային վարժութիւններու միջոցով, տառէն դէպի բառ եւ բառէն դէպի նախադասութիւն՝ ստեղծագործական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարենք լեզուի եւ պարի կապակցութեան մէջ:

Աշխատանոցը բաց է պարով, ուսումով եւ տարբեր մշակոյթներով հետաքրքրուող բոլորին (5 տարեկանէն սկսեալ): Պարի նախնական փորձառութիւն պէտք չէ. հետաքրքիր մարմին մը եւ բաց միտք մը բաւարար են: Հաճեցէք ձեր հետ ունենալ թուղթ եւ գրիչ:

Դպրոցական միջոցառումները բաց են միայն հիւրընկալ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն համար:

Դպրոցական ձեռնարկները բաց են միայն հիւրընկալող վարժարանի աշակերտներուն ե ւ ուսուցիչներուն համար։

Ebeveyn ve Çocuk Atölyesi: Ermeni Alfabesi ile Dans Ermeni Alfabesi ile Dans, kültürel bir mirası çağdaş dans ve hareketle harmanlayan disiplinlerarası bir keşif alanıdır. Bu atölyede, bedenimizle harflerin izini sürerken, grafik estetiklerinin akışkanlığını beden diline tercüme ederek ebeveynler ve çocukları için yaratıcı bir dans alanı kuruyoruz. Bireysel ve grup egzersizleri ile harften, kelimeye, kelimeden cümleye dil ve dans bağlantısallığında yaratıcı bir yolculuğa çıkıyoruz. Atölye dansla, öğrenmeyle ve farklı kültürlerle ilgilenen 5 yaştan itibaren her seviyeden katılımcıya açıktır. Hiçbir dans tecrübesi gerekmez; meraklı bir beden, açık bir zihin yeterli ve yanınızda kâğıt, kalem bulundurmanız yeterli !

Okul etkinlikleri, sadece ev sahipliği yapan okulun öğretmen ve öğrencilerine açıktır.
dans
26/03/2026
Hrant Dink Okulu - Հրանդ Տինք Վարժարան
երեխաներ // çocuklar