Skip to main content

Տառերով պար Լեռնա Պապիկեանի հետ
Lerna Babikyan ile Ermeni Alfabesiyle Dans

«Այբուբենով Պար»ի աշխատանոցը կը համախմբէ տարբեր երկիրներէ եւ մշակոյթներէ եկած մասնակիցներ։ Ամբողջ ամիս մը տեւող այս ընթացքին, մասնակիցները կը սորվին հայերէն այբուբենի տառերը, ապա այդ տառերը իրենց մարմիններուն միջոցով կը փոխադրեն տարածութեան մէջ։

Աշխատանոցը մասնակիցներուն կը ձգէ ազատութիւնը՝ տառերուն առաջարկած ուղղութեան եւ շարժումի հոսքին հետ ներդաշնակ կամ աններդաշնակ յարաբերութիւն մը հաստատելու։ Այն կը բանայ «ապակառուցողական» հետազօտութեան դաշտ մը եւ կը նպատակադրէ միասնաբար բացայայտել, թէ իւրաքանչիւր տառ ինչպէ՛ս կրնայ արտայայտուիլ մարմինին մէջ։

Այս գործընթացը առիթ կու տայ, որ իւրաքանչիւր մարմնի ունեցած եզակի ու ստեղծագործական կարողութիւնը տեսանելի դառնայ։ Մասնակիցները մտիկ կ'ընեն իրենց մարմնի հետաքրքրութեան ու կարիքներուն. տառերը կը վերածեն շարժումի, իսկ շարժումը՝ պարի։ Աշխատանոցը այբուբենին եւ մարմնին միջեւ կը հաստատէ կենդանի, փորձառական եւ հաւաքական արտայայտչականութեան վայր մը։

Ermeni Alfabesi ile Dans atölyesi, farklı ülke ve kültürlerden katılımcıları bir araya getirir. Bir aya yayılan süreç boyunca katılımcılar Ermeni alfabesinin harflerini öğrenir; ardından bu harfleri bedenleri aracılığıyla mekâna taşır.

Atölye, harflerin önerdiği yön ve hareket akışıyla uyumlu ya da uyumsuz bir ilişki kurma özgürlüğünü katılımcılara bırakır. Yapıbozumsal bir araştırma alanı açarak, her harfin bedende nasıl karşılık bulabileceğini birlikte keşfetmeyi amaçlar.

Bu süreç, her bedenin sahip olduğu eşsiz yaratıcı potansiyelin görünür olmasına alan tanır. Katılımcılar, bedenlerinin merakını ve ihtiyaçlarını dinler; harfleri harekete, hareketi ise dansa dönüştürür. Atölye, alfabe ile beden arasında canlı, deneysel ve kolektif bir ifade alanı kurar.

arphabet_bar
28/03/2026 - 11:00
ÇAKstüdyo
երեխաներ // çocuklar