Միաձայն երգեցողութեան աշխատանոց
Teksesli Sarkı Atölyesi
Ձայնեղանակներու աշխարհին յատուկ մօտեցումի մը փորձ, Վերժին եւ Արամ Քերովբեաններուն հետ։ Աշխատանոցին նպատակը երգ սորվիլ չէ, այլ ձայնեղանակի մթնոլորտ մը ստեղծել։ Աշխատանքը կը կատարուի զգալու համար ձայներու միջեւ գոյացող բնական ներդաշնաըութիւնները եւ շարժումը։ Ձայնեղանակի մթնոլորտին մէջ երգը կը դադրի “մեղեդի” մը ըլլալէ եւ կը վերածուի շարժումի։ Երաժշտական սովորութիւնները ապակերտելու փորձ մըն է նաեւ Ձայնաշխարհը։
Etkinlik Ortağı / Գործընկեր